Ինչո՞ւ «ինչո՛ւ»ն խնդիր է։

Դպրոցի օրէնքն ալ

անկեղծօրէն նման է։

Վազվզուք է ամէն կողմ։

Ժամանակը ո՞վ ունի

հարցումներս մէկ առ մէկ

նախ եւ առաջ լսելու,

ապա՝ պատասխանելու։

Ուսուցիչներս բոլոր,

ժամանակ չունին երբեք.

«Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ո՞ւր, ի՞նչ, ե՞րբ»,

հարցնելու կարգը չի գար։