Հեծիկ, հեծիկ, հեծանիւ

Ահա՛ Ակուլ Տուկուլը կը վերսկսի։ Ինչպէս պիտի տեսնէք այս տարուան 30 դրուագներէն իւրաքանչիւրը կ՚անդրադառնայ հմտութեան մը, որուն առիթը կ՚ունենանք տիրապետելու մեր մանկութեան ընթացքին։

Ակուլ Տուկուլի այս երրորդ շարքը մեծ ուրախութեամբ պատրաստեցինք, եւ անհամբեր ենք սփռելու։ Ճիշդ է որ վերջին շաբաթներուն ծանր եւ ահարկու պատահարները մեր բոլորին վրայ շատ ծանր ազդեցին։ Այսուհանդերձ, մեր երախաներուն սիրոյն, գուրգուրանքով ճամբայ կը հանենք Ակուլ Տուկուլի 2023-2024 տարեշրջանի ծրագիրը։

Այս առաջին դրուագը կը սլանայ հեծիկի անիւներու վրայ։